Սուրբ Կատարինէի Վանք (յունարէն՝ Μονὴ τῆς Ἁγίας Αἰκατερίνης, Monē tēs Hagias Aikaterinēs, արաբերէն՝ دير القدّيسة كاترين), կը գտնուի Սինա լերան հարաւը, Եգիպտոսի ամենաբարձր՝ Քաթրին լեռներուն վարի կողմը, Մուսա լերան մօտակայքը. կ՛ենթադրուի, որ աշխարհի ամենահին վանքն է։ Այն զբօսաշրջիկներու համար ամենամեծ սրբավայրերէն կը նկատուի՝ որպէս ուխտատեղի, ուր աշխարհի տարբեր տեղերէն ուխտաւորներու խումբեր կ՛այցելեն։ Վանքը կը վերահսկուի Սինայի ինքնավար եւ Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներուն կողմէ։ Այն ներառուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան կառոյցներու ցանկին մէջ:
Կառուցուած է 548 եւ 565 թուականներուն․ այն աշխարհի ամենահին վանքերէն է, որ առայժմ կը գործէ։ Այստեղ կը գտնուի աշխարհի ամենահին գործող գրադարանը․ գրադարանը կը պարունակէ եզակի գիրքեր, ինչպէս՝ ասորական սինայական գիրքեր՝ մինչեւ 1859 թուական եւ սինայական օրէնսգիրք։
Վանքին շուրջը կառուցուած է փոքր քաղաք մը՝ պանդոկներով եւ լողաւազաններով, զոր կոչուած է Սուրբ Քեթրին քաղաք։
Ըստ աւանդոյթին, Քեթրին Աղեքսանդրիայէն՝ (194-ի ծնունդ) քրիստոնիայ նահատակ էր, զոր մահուան դատապարտուած էր՝ անիւի վրայ նահատակուելու։ Սակայն երբ այս մէկը ձախողեցաւ, զինք գլխատեցին։ Ըստ աւանդութեան, հրեշտակները դիակի մնացորդացը տարած են Սինա լեռ։ 800 թուականի մօտերը, Սուրբ Քեթրին վանքի վանականները անոր մնացորցները գտած են։